մոռցուիլ
տեղ մը թողուիլ (անուշադրութեամբ)
մորենի
մորմենի, փշոտ թուփ մը՝ որ սեւ թութի նման պտուղ կու տայ
böğürtlen
մորթ
մարդոց եւ անասուններու մարմինը պատող մաշկ
deri
մորթ
կաշի
մորթազերծ
մորթը ամբողջութեամբ հանուած
մորթել
վիզը դանակով կտրել եւ սպաննել, զենուլ
boğazlamak, kesmek
մորթել
զոհել
մորմոք
մռմուռ, կսկիծ, ցաւ, վիշտ
keder, acı
մորչ
մորճ, ծառի դալար ճիւղ
մորչ
կանանչ
Մորփէոս
յոյն դիցաբանութեան մէջ՝ քունի եւ երազներու աստուածը
մութ
լոյսի բացակայութիւն, խաւար
karanlık, koyu
մուխ
ծուխ՝ որ առանց բոցի այրող կրակէն կ՚ելլէ
duman
մուխ
մխել բային արմատը
մուկ կրծող
կենդանի մը (խիստ վնասակար)
fare
մեծ մուկ
առնէտ
մուճակ
տան մէջ հագնելու ոտնաման
terlik
մունետիկ
բարձրաձայն ծանուցանող մարդ (հին ատեն երբ լրագիր չկար)
մունետիկ
աճուրդի գիները աղաղակող պաշտօնեայ
tellal
մունջ
համր