HAZIRLIK AŞAMASINDA

յածանաւ

արագընթաց մարտանաւ
kruvazör

յածիլ

պտտիլ, շրջիլ, թափառիլ
dolaşmak

յակինթ

թանկագին քար մը
yakut

յակինթ

անուշահոտ ծաղիկ մը
sümbül

յաղագս

համար, պատճառաւ
için

յաղթ

խոշոր, մեծղի, վիթխարի

յաղթ

ուժեղ
koca(man), heybetli

յաղթական

յաղթութիւն տարած, յաղթող
galip, muzaffer

յաղթահասակ

խոշոր հասակով, յաղթ

յաղթահարել

ընկճելով յաղթել, պարտել
yenmek

յաղթանակ

յաղթութիւն
galibiyet, zafer

յաղթանակ

մրցանակ

յաղթանակել

յաղթանակ տանիլ, յաղթահարել

յաղթանդամ

յաղթամարմին, անձնեղ, անձնեայ, վիթխարի, խոշորակազմ
iriyarı, irikıyım, cüsseli

յաղթապանծ

յաղթութեամբ պանծացող կամ հպարտ, փառաւոր

յաղթել

պարտութեան մատնել, պարտել, նուաճել

յաղթել

գերազանցել

յաղթել

շահիլ (խաղի մէջ)
yenmek

յաղթութիւն

կռիւի կամ մրցումի մէջ յաղթել, հակառակորդին դէմ մեծ յաջողութիւն
yengi

յաղթուիլ

պարտուիլ
yenilmek