HAZIRLIK AŞAMASINDA

յատակագիծ

շինութեան մը գծուած պատկերը
plan

յատակագիծ

ծրագիր

յատկանիշ

առանձնայատուկ նշան

յատկանշական

յատկանիշ կազմող, բնորոշ
belirgin

յատկապէս

մասնաւորապէս, առանձնապէս
özellikle

յատկացնել

յատուկ նպատակի մը տրամադրել
ayırmak, tahsis etmek, hasretmek

յատկացուցիչ

այն սեռական հոլով գոյականը՝ որ կը դրուի ուրիշ գոյականի մը կամ յատկացեալի մը քով՝ եւ ցոյց կու տայ թէ ան որո՞ւ կը պատկանի

յատկութիւն

այն մասնաւորութիւնը՝ որով բան մը կը զատուի ուրիշներէ
özellik

յատկութիւն

հանգամանք

յատուկ

ինչ որ կը վերաբերի մէկուն՝ կամ բանի մը, մասնաւոր, սեփական, ուրոյն
özel, özgü

յար

միշտ, շարունակ, անդադար
devamlı, durmadan, hep

յար

քովը դրուած, կից

յար

բարդութեան մէջ կը նշանակէ “միշտ” կամ “կից”

յարաբերական

իրարու հետ կապ ունեցող
göreli

յարաբերական

այն դերանունը՝ որ ցոյց տրուած բառի մը տեղ կը դրուի եւ նախորդ բառը կամ նախադասութիւնը կը կապէ յաջորդին

յարաբերականութիւն

այն փիլիսոփայութիւնը՝ որ կ՚ընդունի թէ ամէն ինչ յարաբերական է ու բացարձակ բան չկայ
görecilik

յարաբերեալ

այն բառը՝ որուն տեղ դրուած է յարաբերական դերանունը

յարաբերութիւն

կապակցութիւն, հաղորդակցութիւն, առնչութիւն
ilişki

յարալէզ

դիցաբանութեան մէջ այն չաստուածները՝ որոնք շարունակ լիզելով կրնային բժշկել պատերազմի վիրաւորներուն վէրքերը

յարակատար

բայերու այն բաղադրեալ ժամանակը՝ որ ցոյց կու տայ թէ գործողութիւնը ներկայէն առաջ կատարուած է (ինչպէս՝ գրած եմ, սիրած էք եւն.)
belirsiz geçmiş, –miş’li geçmiş