HAZIRLIK AŞAMASINDA

յիմարութիւն

անխելքութիւն

յիմարութիւն

խենդութիւն

յիշաչար

իրեն եղած չարիքը յիշող, ոխակալ, քինախնդիր, վրէժխնդիր
kindar, kinci

յիշատակ

այն տպաւորութիւնը՝ որ կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ
anı

յիշատակ

այն առարկան՝ որ նուէր կը տրուի՝ որպէսզի տուողը յիշենք
hatıra, yadigâr

յիշատակարան յիշեցնելու ծառայող որեւէ առարկայ (շինութիւն, գիրք, դամբան եւն.)

anıt, abide, eser

յիշատակարան

ձեռագրի մը կամ հին տպագրութեան մը վերջաւորութեան տրուած տեղեկութիւն
kolofon

յիշատակել

անունը տալ (յիշելու համար), ոգեկոչել
anmak

յիշատակել

դէպք մը կամ անուն մը արձանագրել

յիշատակութիւն

անունը տալ, յիշատակում
anma

յիշել

չմոռնալ, մտաբերել
hatırlamak

յիշել

յիշատակել
anmak

յիշեցնել

միտքը ձգել (եթէ մոռցած է)
hatırlatmak

յիշողութիւն

յիշելու հոգեկան կարողութիւն
hafıza

յիշոց

հայհոյանք, նախատինք, լուտանք

յիսուն

հինգ անգամ տասը (50)
elli

Յիսուս

հիմնադիրը քրիստոնեայ կրօնքին, Մեսիա, Փրկիչ, Քրիստոս, Որդի Աստուծոյ, İsa

Յիսուսեան

կրօնական միաբանութիւն մը՝ որ հիմնուած է պաշտպանելու համար կաթոլիկ հաւատքը (ԺԶ դարուն)
Cizvit

յղանալ

մտքովը հնարել, խորհելով ստեղծել

յղացում

մտքով կատարուած հնարք