HAZIRLIK AŞAMASINDA

յուղկահար

հուղկահար, ուղեւորներու վրայ յարձակող ու կողոպտող, յելուզակ
harami, eşkıya

յունապ

յունապիի պտուղը
hünnap

Յունիս

տարուան Զ ամիսը
Haziran

Յունուար

տարուան Ա ամիսը
Ocak

յուշ

յիշատակ

յուշատետր

յիշատակներ արձանագրելու տետրակ
hatıra defteri

յուշատետր

փոքր տետրակ՝ որուն մէջ կը գրենք այլեւայլ բաներ (յիշելու համար)
not defteri

յուշարար

յիշեցնող (դերասանին)
suflör

յուշարձան

որեւէ յիշատակ յաւերժացնող արձան
anıt

յուշիկ

կամաց-կամաց, մեղմիկ, հանդարտ

յուշկապարիկ

առասպելական կենդանի մը՝ կէս կին-կէս ձուկ, սիրէն
denizkızı

յուռթի

առատ, բեղուն, արգաւանդ

յուռութք

բժժանք, կախարդութիւն

յուռութք

այն իրը՝ որ իբրեւ թէ մարդը կը պահպանէ չար փորձանքներէ
muska

յուսաբեկ

յոյսը կոտրած, յուսահատ

յուսաբեր

յոյս բերող, յուսադրող

յուսադրել

յոյս տալ, քաջալերել
umut/ümit vermek

յուսալ

յոյս ունենալ, ակնկալել
ummak, ümit etmek

յուսախաբ

իր յոյսերուն մէջ խաբուած, հիասթափ

յուսախնդիր

յոյս փնտռող