HAZIRLIK AŞAMASINDA

նաւահանգիստ

նաւակայք, նաւերու կայան (ուր կրնան խարիսխ ձգել)
liman

նաւամատոյց

ծովեզերքի վրայ շինուած մասնաւոր տեղ՝ ուր նաւերը կը մօտենան
iskele

նաւաշինարան

նաւեր շինելու արհեստանոց
tersane

նաւապետ

նաւը ղեկավարող անձ
kaptan, süvari

Նաւասարդ

հայոց Ա ամիսը (Օգոստոս՝ որպէս Ամանոր)

նաւաստի

նաւազ
gemici, tayfa

նաւաստի

նաւավար

նաւավար

նաւուղիղ, նաւը վարող

նաւատորմիղ

նաւատորմ, նաւերու խումբ
filo, donanma

նաւարկել

նաւով ճամբորդել
(denizde) seyretmek

նաւարկութիւն

նաւով ուղեւորութիւն

նաւթ

հանքային դիւրավառ հեղուկ մը
petrol

նաւորդ

նաւու ճամբորդ

նաւորդ

նաւապետ

նաւորդ

նաւազ

նեարդ

մկանները կազմող առաձգական բարակ թելեր, մանրաթել
lif

նեարդ

ջիղ

նեխիլ

քայքայուիլ ու գարշահոտութիւն արձակել (գործարանաւոր մարմիններու), հոտիլ
çürümek, kok(uş)mak

նեկտար

յոյն դիցաբանութեան մէջ աստուածներուն խմած գինին՝ որ անմահութիւն կը պարգեւէ

նեկտար

ծաղիկներուն արտադրած քաղցր հիւթը (զոր կը հաւաքեն մեղուները)