նիզակ
երկայն նետ՝ զոր ձեռքով կ՚արձակէին (թշնամիին վրայ), գեղարդ, տէգ
mızrak
նիհար
գէրին հակառակը, վտիտ, ազազուն
zayıf
նիհիլիսմ
այն մտածելակերպը՝ որ կը մերժէ ընկերային բոլոր կարգերը եւ չի հաւատար որեւէ բանի, ոչնչականութիւն
նիշ
նշան
նիշ
դասի թիւ (աշակերտի)
not
նիշ
խաղի մէջ շահուած կէտ
pu(v)an
նիստ
նստուածք
նիստ
ժողով
oturum, toplantı
նիստուկաց
ընթացք, վարմունք, վարք
նիրհել
թեթեւ քնանալ, մրափել, ննջել
uyuklamak, kestirmek, pineklemek
նիրվանա
Պուտտայի վարդապետութեան մէջ՝ այն երանելի վիճակը՝ որ հոգին ազատած է մարմնական հոգերէ ու փափաքներէ՝ որոնք պատճառ են մեր վիշտերուն
նիւթ
իրական գոյութիւն (որմէ յառաջ եկած են բոլոր մարմինները)
madde
նիւթ
առարկայ կամ բովանդակութիւն (գրուածքի, խօսքի)
konu
նիւթ
փիլիսոփայութեան մէջ՝ ինչ որ մեր գիտակցութենէն անկախաբար գոյութիւն ունի՝ ենթակայ է փոփոխման օրէնքին՝ կ՚ազդէ մեր զգայարաններուն վրայ ու երեւան կու գան մեր զգայութիւնները
նիւթական
նիւթեղէն, նիւթէ կազմուած, մարմնաւոր
նիւթական
դրամական, տնտեսական
maddi
նիւթապաշտ
դրամական շահու հետամուտ
նիւթապէս
նիւթական կերպով
նիւթապէս
դրամով
նիւթացած
նիւթ դարձած, իրական, զգալի