HAZIRLIK AŞAMASINDA

նորաշէն

նորակերտ, նոր շինուած, նորակառոյց

նորապսակ

նոր պսակուած, նոր ամուսնացած

նորավարժ

անփորձ, համբակ, սկսնակ

նորավէպ

փոքր կամ կարճ վէպ, պատմուածք
öykü, kısa roman, novel

նորատի

դեռատի, դեռահասակ

նորափթիթ

դեռափթիթ, ծաղկափթիթ

նորեկ

նոր եկած, նորամուտ

նորէն

դարձեալ, վերստին, կրկին
yeniden

նորընծայ

նոր ընծայուած, նոր նուիրուած, նոր ձեռնադրուած (կրօնաւոր)

նորոգել

հինը կամ մաշածը նոր դարձնել
tamir etmek, onarmak

նորոգել

նորէն գործադրութեան դնել
yenilemek

նորոգել

թարմացնել
tazelemek

նորոգիչ

այն՝ որ կը նորոգէ, նորոգող
tamirci, onaran

նորոգութիւն

նորոգում, նորոգելու գործը
tamir, onarım, yenileme

նորոյթ

նորութիւն, նոր բան
yenilik

նորոյթ

նոր տարազ

նորոյթ

նորաձեւութիւն
moda

նորօրինակ

նոր կերպով

նորօրինակ

նորանշան

նուագ

երաժշտութիւն
çalgı, müzik