HAZIRLIK AŞAMASINDA

շալվար

տեսակ մը լայն տաբատ

շահ

որեւէ գործէ կամ աշխատութենէ գոյացած օգուտ, վաստակ,
kâr

շահագործել

գործէ մը շահ հանել
işletmek, kullanmak

շահագործել

մէկուն աշխատութիւնը չարաչար օգտագործել
(kötüye) kullanmak, sömürmek

շահագրգռել

շահու յոյսով գրգռել, հետաքրքրել (շահու ակնկալութեամբ)
ilgilendirmek

շահախնդիր

շահասէր, շահամոլ, շահադէտ
menfaatçi

շահակից

շահու մասնակից, շահու ընկեր
kâr ortağı

շահատակութիւն

անիրաւ յարձակում

շահատակութիւն

քաջագործութիւն, նահատակութիւն
macera

շահաւէտ

շատ շահաբեր, օգտաւէտ
kârlı, kazançlı

շահեկան

հետաքրքրական
ilginç

շահեկան

օգտակար
yararlı

շահեկանութիւն

օգտակարութիւն

շահիլ

շահ ընել, վաստկիլ
kazanmak, kâr etmek

շահիլ

օգտուիլ

շահպրակ

անուշահոտ ծաղիկ մը
şebboy

շաղ

անձրեւի բարակ կաթիլ, ցօղ
çiy

շաղախ

ցեխի նման խառնուրդ մը (կիրի, աւազի, ջուրի) որ կը գործածուի պատերը ծեփելու
harç

շաղախուիլ

շաղախ ըլլալ, խառնուիլ
karılmak, yoğrulmak

շաղակրատել

շաղփաղփել, շատախօսութիւն ընել
gevezelik/boşboğazlık etmek