HAZIRLIK AŞAMASINDA

շփում

շփելու գործողութիւն

շփում

յարաբերութիւն
temas

շքադիր

բարձրաստիճան անձի հետեւորդ, պատուադիր

շքախումբ

շքադիրներու խումբ՝ որ պատուի համար ուղեկցած են բարձրաստիճան անձի մը
kortej

շքահանդէս

շքեղ հանդէս, մեծ հանդիսութիւն

շքանշան

մէկուն տրուած պատուանշան (իր մեծ ծառայութեան կամ յաջողութեան համար)
madalya

շքասեղան

ճոխ ու զարդարուած սեղան

շքեղ

հոյակապ, փառաւոր, ակնապարար
muhteşem, görkemli, harika

շքերթ

հանդիսաւոր զօրանցք (նուագախումբով)
geçit töreni, resmigeçit

շքուիլ

վրան-գլուխը յարդարել, զարդարուիլ

շօթ

տեսակ մը հաց (տափակ, բարակ ու երկայն)
pide

շօշափել

ձեռքով դպչիլ (զննելու համար)
yoklamak

շօշափելի

ինչ որ կարելի է շօշափել, նիւթական

շօշափելի

զգալի

շօշափելիք

շօշափելու զգայարանք, ձեռք

շօշափող

այն ուղիղ գիծը՝ որ մէկ կէտի վրայ կը շօշափէ շրջանակը՝ առանց կտրելու
teğet

շօշափուկ

միջատներու պեխի նման զգայարանները՝ որոնք կը ծառայեն իբրեւ շօշափելիք, բողկուկ
duyarga

Ո

վեց հարիւր (ՈԱ = 601, ՈԿԶ = 666)

ո

“ով” կամ “որ” (գրաբար)

ոգելից

ալքոլ պարունակող, արբեցուցիչ,
alkollü