HAZIRLIK AŞAMASINDA

ոլորել

ինք իր վրայ փաթթել, պլորել
bükmek, burmak, dürmek

ոլոր-մոլոր

ոլորապտոյտ, ծուռումուռ

ոլորտ

բոլորտիք, շրջան, սահման, հորիզոն

ոլոք

սրունքի հաստ ոսկորը
incik (kemiği)

ոխ

վրէժ լուծելու զգացում, քէն
kin

ոխակալ

ոխ պահող, քինախնդիր, վրէժխնդիր
kindar

ոխերիմ

ոխակալութեամբ լեցուած, անհաշտ

ողբ

բարձրաձայն լաց ու կոծ, հեծեծանք
inleme, figan

ողբագին

ողբալից, լալագին, հեծեծագին

ողբալ

սուգը եւ վիշտը արտայայտել՝ լալով կամ խօսքերով, հեծել, աւաղել

ողբալի

շատ ցաւալի, խղճալի, աւաղելի
acıklı, acınası

ողբակոծ

ողբ ու կոծ արտայայտող, կողկողիչ

ողբերգակ

ողբերգու, ողբերգութիւն գրող (բանաստեղծ), եղերերգակ

ողբերգութիւն

աղիտալի դէպք՝ որ վիշտ ու սոսկում կը պատճառէ, եղերերգութիւն
trajedi

ողկոյզ

փոքր ու բարակ ճիւղ՝ որուն վրայ բուսած են խաղողի կամ ուրիշ պտուղներու հատիկներ եւ կամ ծաղիկներ, կոյզ
salkım

ողնայար

ողնաշար, ողնասիւն, իրարու վրայ ագուցուած կռնակի ողներու շարքը
belkemiği

ողողել

ջուրով ծածկել, հեղեղել

ողողում

ջուրով ծածկուելու վիճակ

ողորկ

հարթ մակերես ունեցող, յղկուած
düz(gün)

ողորկութիւն

ողորկ վիճակ, հարթութիւն