ուրար
երկայն՝ զարդարուն՝ ժապաւէնի պէս կտաւ մը՝ զոր սարկաւագները իրենց ձախ ուսին վրայ կը կրեն (արարողութեան միջոցին)
ուրացում
մերժում, դրժում
inkâr
Ուրբաթ
շաբթուան վեցերորդ օրը (Ուր.)
Cuma
ուրե
տեղ մը
ամենուրեք
ամէն տեղ
her yer(e/de)
ուրիշ
այլ, տարբեր
başka
ուրիշ
այլեւս
ուրոյն
իրեն յատուկ, սեփական
özgün
ուրոյն
զատ
ուրուագիծ
որեւէ նկարի առաջին եւ հարեւանցի գծագրութիւնը, ստուերագիծ
taslak
ուրուագիր
ծրագիր՝ որեւէ գրուածքի
ուրուագծել
հարեւանցի գծագրել, ստուերագծել
ուրուական
ուրու, մեռած մարդու անմարմին ոգի (որուն կը հաւատան նախապաշարուած մարդիկ)
hayalet
ուրուական
շուք, ստուեր
ուրուր
յափշտակիչ թռչուն մը, ցին,
çaylak
ոք
մէկը, ոեւէ մէկը
kimse
ոչ ոք
ոչ մէկը
hiç kimse
Չ
եօթը հարիւր (ՉԱ = 701, ՉՀԷ = 777)
Չ
ժխտական մասնիկ՝ որ համազօր է “ոչ” բառին (կու գայ բառի մը սկիզբը եւ անոր կու տայ հակառակ նշանակութիւն)
չախել
ծանր խօսիլ, յանդիմանել, սաստել
paylamak, haşlamak