HAZIRLIK AŞAMASINDA

անյաւակնոտ

համեստ, խոնարհ, հեզ ու բարի

անյիշաչար

մէկը՝ որ քէն կամ ոխ չի պահեր, ներողամիտ
kindar olmayan, kinci olmayan, hoş gören

անյիշատակ

չյիշուելու չափ հին, շատ ատեն առաջ.

անյիշատակ

յիշատակ չունեցող

անյողդողդ

հաստատ, անդրդուելի, ամուր
sarsılmaz

անյոյս

յոյսը կորսնցուցած, յուսալքուած
ümitsiz

անյուսօրէն

առանց որեւէ յոյս ունենալու

աննախընթաց

առաջին անգամ ըլլալով, որմէ առաջ չէ պատահած, նմանը չտեսնուած

աննենգ

մէկը՝ որ խարդախութիւն ու կեղծիք չունի, անխարդախ, ուղղամիտ, անկեղծ

աններդաշնակ

անհամաձայն, տակնուվրայ, համերաշխութենէ զուրկ
ahenksiz, uyumsuz

աննիւթ

ինչ որ նիւթեղէն չէ, անմարմին

աննկուն

անյաղթելի, անընկճելի

աննման

նմանը չտեսնուած, չքնաղ, շատ արժէքաւոր
eşsiz

աննշան

շատ պզտիկ կամ անկարեւոր, չնչին
önemsiz

աննշմար

չտեսնուելու չափ պզտիկ, անտեսանելի, աննկատելի

աննուազ

ինչ որ չի պակսիր, առատ, շատ

աննուաճ

որուն յաղթել անկարելի է, անպարտելի

աննպաստ

ինչ որ ուզուածին կամ պէտք եղածին պէս չէ, անյարմար, ձախող
elverişsiz

աննպատակ

առանց որոշ նպատակ կամ մտադրութիւն ունենալու
gayesiz

անշահ

առանց շահու
kârsız