HAZIRLIK AŞAMASINDA

պահպանութիւն

պահպանում (որպէսզի որեւէ վնաս չպատահի)
koruma, gözetim

պահք

կարգ մը ուտելիքներէ հրաժարում
perhiz

պաղ

տաքին հակառակը, ցուրտ
soğuk

պաղատագին

շատ աղաչելով, թախանձագին

պաղատանք

աղաչանք, աղերսանք

պաղատիլ

շատ աղաչել, թախանձել
yakarmak

պաղարիւն

այն անձը՝ որ անխռով կը մնայ երբ անակնկալ դէպք մը պատահի
soğukkanlı

պաղիլ

տաքութիւնը պակսիլ
soğumak

պաղիլ

ուծանալ

պաղլեղ

քիմիական աղ մը
şap

պաղութիւն

պաղ վիճակ
soğukluk

պաղութիւն

գժտութիւն

պաղպաղակ

զովացուցիչ ուտելիք մը
dondurma

պաղպաջուն

պսպղուն, փայլուն, շողշողուն

պաճուճանք

պճնանք, զարդարանք
süs

պաճուճել

պճնել, զարդարել
süslemek

պայթեցնել

ուժգին ճնշումով ճաթեցնել
patlatmak

պայթիլ

ճնշումի հետեւանքով ճաթիլ
patlamak

պայթուցիկ

շուտ պայթող (որեւէ նիւթ)
patlayıcı

պայծառ

շատ լուսաւոր, լուսափայլ
parlak, aydınlık