HAZIRLIK AŞAMASINDA

պատարագ

եկեղեցական արարողութիւն (իբրեւ յիշատակ՝ զոհուած Քրիստոսի)

Թիւ պատարագ

առանց երգեցողութեան պատարագ՝ զոր կը կատարէ քահանան լռութեամբ

Հանդիսաւոր պատարագ

բարձրաստիճան հոգեւորականի մը մատուցած պատարագը՝ որուն կ՚սպասաւորէ քահանայ մը (փոխանակ սարկաւագի)

պատգամ

աստուածային հրաման կամ վճիռ
buyruk

պատգամ

պատուէր
talimat, mesaj

պատգամաւոր

ներկայացուցիչ
delege

պատգամաւոր

դեսպան

պատգարակ

հիւանդ կամ վիրաւոր փոխադրելու անկողին
sedye

պատեան

որեւէ իր կամ մարմին ծածկող պահպանակ եւ կամ կեղեւ
kın, kılıf, kabuk

պատել

շրջապատել
sarmak

պատել

ծածկել
kaplamak

պատեհ

պատշաճ, յարմար, տեղին,
müsait, uygun

պատեհապաշտ

իր շահուն համար ամէն պարագայի յարմարող
fırsatçı

պատեհութիւն

առիթ
fırsat

պատեհութիւն

պատշաճութիւն
uygunluk, münasebet

պատենազէն

զրահաւոր, զրահապատ

պատենաթեւ

թեւերուն վրայ պատեան ունեցող (միջատ)
kınkanatlı

պատերազմ

ճակատամարտ, մարտ, ռազմ
savaş

պատժապարտ

պատիժի արժանի նկատուած, յանցաւոր, մեղապարտ

պատժել

պատիժ տալ
cezalandırmak