HAZIRLIK AŞAMASINDA

սաթ

հանածոյ նիւթ մը՝ որ շփումով ելեքտրականութիւն յառաջ կը բերէ
kehribar

սալ

տափակ քարի շերտ

սալ

երկաթի կոյտ (վրան մետաղներ ծեծելու)
örs

սալայատակ

սալարկ, սալարկուած յատակ

սալարիլ

սաքրիլ, պահուըտիլ, ծածկուիլ

սալարկել

սալայատակել, սալաքարերը քովէ քով շարելով յատակը ծածկել
(parke/kaldırım taşı) döşemek

սալաքար

սալ, տաշուած՝ տափակ քար

սալորենի

սալորի, սալորի ծառ
erik ağacı

սակ

սահմանուած չափ կամ գին
ücret, fiyat

սակ

տուրք

սակագին

սահմանուած գին, արժէք
fiyat, narh

սակայն

բայց, այսուհանդերձ

սակայն

միայն թէ
yalnız

սակառ

ծառի ճիւղերով հիւսուած կողով
sepet

սակառ

կերակուրի աման
sefertası, beslenme çantası

սակարան

այն տեղը՝ ուր կը կատարուի արժէթուղթերու առուտուր՝ եւ կը ճշդուին զանազան արժէթուղթերու սակերը
borsa

սակարկել

սակարկութիւն ընել, գին կտրել
pazarlık etmek

սակարկութիւն

ապրանքի մը կամ աշխատանքի մը գինը որոշել փոխադար համաձայնութեամբ
pazarlık

սակացոյց

գիներու պաշտօնական ցուցակ
tarife

սակաւ

քիչ, նուազ, պակաս
az(ıcık), cüzi