սակաւաթիւ
ոչ-բազմաթիւ, քիչ թիւով
az sayıda, sayıca az, seyrek
սակաւախօս
քիչ խօսող, ոչ-շատախօս
az konuşan, suskun
սակաւակեր
քիչ ուտող, ոչ-շատակեր
az yiyen
սակաւապէտ
քիչով գոհացող, ժուժկալ
ekonomik, aza kanaat eden
սակաւատեւ
կարճատեւ, վաղանցուկ
սահանք
ջրվէժ
սահանք
շարժական դուռ՝ որով կրնանք արգիլել ջուրին վազքը
սահիլ
հարթ մակերեւոյթի վրայէն քսուելով անցնիլ
kaymak
սահիլ
հաւասարակշռութիւնը կորսնցնել, գայթիլ
սահիլ
սառոյցի վրայ չմուշկով
սահիլ
չմշկել
սահման
որեւէ բանի վերջացած տեղը, վերջ
սահման
տարածութիւն մը շրջապատող գիծը
sınır
սահմանադրութիւն
հիմնական օրէնք
anayasa
սահմանական
սահմանող, որոշիչ
սահմանական
բային այն եղանակը՝ որ ցոյց կու տայ իրական գործողութիւն
սահմանակից
սահմանով կից (երկիր), հարեւան
sınırdaş, (sınır) komşu(su)
սահմանաւոր
սահման ունեցող, ոչ-անսահման
սահմանափակ
ոչ-ընդարձակ, չափաւորուած
sınırlı
սահմանափակել
սահմանափակ դարձնել՝ կամ սահմանի տակ դնել, չափաւորել, sınırlamak