HAZIRLIK AŞAMASINDA

սառուցեալ

սառած

սառուցեալ

ովկէանոս = սառնապատ մեծ ծով

սասանիլ

սարսիլ, դող ելլել
sarsılmak

սառնամանիք

սարսափիլ

սաստ

խիստ հրաման եւ կամ յանդիմանութիւն

սաստել

խստիւ արգիլել կամ յանդիմանել
azarlamak, paylamak

սաստիկ

բուռն, ուժգին, խիստ
şiddetli

սաստիկ

շատ

սաստկանալ

խստանալ, շատնալ
şiddetlenmek

սաստկութիւն

ուժգնութիւն
şiddet

սաստկութիւն

խստութիւն

սատակ

դիակ, գէշ (կենդանիներու)
leş

սատանայ

լաւին ու բարիին հակառակորդ՝ երեւակայական չար ոգի՝ որ կը ջանայ մարդը մոլորեցնել, սադայէլ
şeytan

սատար

օգնական

սատար

նպաստ, օգնութիւն

սատարել

օգնել, օժանդակել, նպաստել
yardım etmek, destek olmak, korumak, kollamak

սատափ

մարգարիտ շինող խեցեմորթին փայլուն պատեանը (որմէ զարդեր կը շինեն)
sedef

սատկիլ

մեռնիլ (անասուններու)
gebermek

սար

լեռ

սար

լերան գագաթ