HAZIRLIK AŞAMASINDA

սարսռալ

սաստիկ մսիլ, սառիլ

սարտչիլ

սարտնուլ, խրտչիլ

սարտչիլ

խորշիլ

սարք

սարած, կազմած, գործիք
takım, donatı

կարգ ու սարք

կարգ ու կանոն

սարքաւորում

տեղ մը կահաւորելու կամ աւելի լաւ վիճակի բերելու համար տարուած աշխատութիւն

սարքել

կազմել, պատրաստել, կարգադրել
kurmak, donatmak, hazırlamak, düzenlemek

սաւան

լայն կտաւ՝ զոր կը ծածկեն անկողնին վրայ
çarşaf

սաւառնակ

օդանաւ
uçak

սաւառնակիր

սաւառնակներ կրող ռազմանաւ
uçak gemisi

սաւառնիլ

օդին մէջ սլանալ, թռչիլ
uçmak, süzülmek

սաւառնորդ

օդաչու, օդանաւորդ
pilot

սափոր

կուժ (կաւէ կամ մետաղէ)
testi

սափրել

գլխու կամ երեսի մազերը կտրել, ածիլել
tıraş etmek

սափրիչ

մազ սափրող արհեստաւոր
berber

սգալ

սուգի մէջ ըլլալ
yas tutmak

սգալ

խոր վիշտ արտայայտել, ողբալ

սգահանդէս

սուգ պատճառող դէպքի մը ի յիշատակ կատարուած հանդէս

սգաւոր

սգակիր, սուգ ունեցող
yaslı

սգաւոր

սուգի պատճառով սեւեր հագած