աշխատանոց
զանազան ձեռական աշխատութիւններ կատարելու տեղ, գործատուն
atölye
աշխատասիրել
գործ մը մէջտեղ հանել, հեղինակել, յօրինել
eser vermek, çalışma yapmak
աշխատասիրութիւն
աշխատանքը սիրել կամ փափաքով աշխատիլ, ջանասիրութիւն
çalışkanlık
աշխատասիրութիւն
մէջտեղ բերուած գործ, հեղինակութիւն, երկ
eser
աշխատավարձ
աշխատութեան կամ գործի մը փոխարէն եղած վճարում
ücret
աշխատաւոր
գործաւոր, բանուոր, մշակ
çalışan, emekçi
աշխատիլ
գործ մը մէջտեղ հանելու համար զբաղիլ, գործել, բանիլ
çalışmak
աշխարհ
ցամաքներու եւ ծովերու ամբողջութիւնը՝ ուր կ՚ապրին մարդիկ՝ անասուններ եւ բոյսեր, երկիր, երկրագունդ
dünya
աշխարհաբար
մեր այսօրուան հայերէն լեզուն
աշխարհագրութիւն
այն գիտութիւնը՝ որ կ՚ուսումնասիրէ աշխարհի բոլոր մասերուն կազմը՝ կլիման եւ բերքերը
coğrafya
աշխարհակալութիւն
ամբողջ աշխարհը ձեռք անցընել, ամբողջ աշխարհին տիրապետել
cihangirlik, imparatorluk
աշխարհական
մէկը՝ որ կղերական չէ, ոչ-կղերական
աշխարհակործան
աշխարհը կործանող կամ տակնուվրայ ընող, աշխարհաւեր
աշխարհահռչակ
ամբողջ աշխարհի մէջ լսուած, հանրածանօթ, ամէնուն ծանօթ
dünyaca ünlü
աշխարհայեացք
աշխարհահայեաց, կեանքի կամ աշխարհի մասին մէկու մը ունեցած կարծիքը, տեսակէտ, գաղափար
dünya görüşü
աշխարհասփիւռ
ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած կամ տարածուած, աշխարհամած
աշխարհավարութիւն
երկիր մը վարելու կարողութիւն
siyaset, diplomasi
աշխարհավարութիւն
կեանքի ապրելակերպին մասին մէկու մը բարոյական ըմբռնումը կամ տեսակէտը
աշխարհացոյց
աշխարհագրական քարտէս
harita
աշխարհիկ
աշխարհային, աշխարհի վերաբերեալ
dünyevi