HAZIRLIK AŞAMASINDA

վարկաբեկել

վարկը կոտրել, անուանարկել
karalamak, itibarını sarsmak, gözden düşürmek

վարկած

ապացոյցի կարօտ կարծիք կամ ենթադրութիւն (գիտական հարցերու մէջ)
hipotez, varsayım

վարկպարազի

հարեւանցի

վարկպարազի

չնչին, փուճ
boş

վարձ

վարձել բային արմատը

վարձ

վարձք

վարձաբնակ

վարձքով բնակող, վարձակալ

վարձակ

զբօսավայրերու մէջ՝ պարող կամ երգող կին
çengi

վարձակ

անպարկեշտ կին

վարձակալ

մէկուն կալուածը կամ տունը վարձքով բռնած
kiracı

վարձատրել

կատարուած աշխատանքի կամ լաւ արարքի փոխարէն բան մը տալ (նիւթապէս կամ բարոյապէս), փոխարինել
ödüllendirmek, karşılığını vermek

վարձատրութիւն

վարձատրելու համար տրուած լաւ բան մը (դրամ, նուէր եւն.) փոխարինութիւն
ödül, karşılık

վարձել

վարձու տալ

վարձել

վարձու առնել (որեւէ բան՝ զոր կ՚ուզենք օգտագործել
kiralamak

վարձկան

վարձքով ծառայող
kiralık

վարձկան

կաշառուած

վարձուոր

վարձքով աշխատող, բանուոր

վարձք

վճարում՝ վարձուած որեւէ բանի փոխարէն
ücret, kira (bedeli)

բեռան վարձք

բեռնագին

բժիշկի.փաստաբանի տրուած վարձք

պատուագին