HAZIRLIK AŞAMASINDA

վերամուտ

վարժարաններու վերաբացում
ders başı

վերանալ

վեր բարձրանալ
ağmak

վերանալ

յափշտակուիլ
büyülenmek, kopmak

վերանորոգել

կրկին նորոգել

վերանորոգել

վերականգնել

վերանցական

գերագոյն տեսակի, գերազանց

վերաշինել

նորէն շինել (քանդուած բան մը)

վերապահ

զգոյշ, խոհեմ, շրջահայեաց
çekimser

վերապահել

նպատակի մը համար պահել
saklı tutmak

վերապատուելի

բարձրապատիւ (մակդիր՝ բողոքական կրօնաւորի)

վերապրիլ

նորէն ապրիլ (մահէն ետք)

վերապրիլ

կրկին ապրիլ՝ կամ զգալ այն՝ զոր նախապէս զգացած ենք

վերասլաց

վեր՝ կամ երկինք սլացող

վերատեսուչ

այն անձը՝ որ կը ղեկավարէ համալսարան մը կամ կաճառ մը
rektör

վերարծարծել

նորէն արծարծել, նորոգել

վերարկու

վրայի զգեստ
palto

վերարտադրել

նորէն արտադրել կամ շինել

վերացական

առարկայէն անջատուած կամ անկախ՝ ինչ որ միայն մտքով կրնանք ըմբռնել
soyut, abstre

վերացում

մտաւոր գործողութիւն՝ որով առարկայէն անջատաբար նկատի կ՚առնենք իր յատկութիւնը
soyutlama

վերացում

յափշտակութիւն
büyülenme, kopma, trans