HAZIRLIK AŞAMASINDA

աշխարհիկ

այն կինը կամ մարդը՝ որուն հաճոյքները եւ ապրած կեանքը ամօթ կը նկատուի

աշխարհիկ

փոքր աշխարհ, պզտիկ աշխարհ

աշխէտ

բոցագոյն, հրագոյն, շիկագոյն, շառագոյն, կարմիր

աշխիլ

թթուիլ կամ աւրուիլ (կերակուրի)

աշխոյժ

իբրեւ գոյական անուն կը նշանակէ՝ աշխատելու կամ գործելու ոյժ, կորով, աւիւն, եռանդ, խանդավառութիւն

աշխոյժ

իբրեւ ածական անուն՝ ժիր, կայտառ, եռանդուն, կորովի, ոյժով

աշկերտ

արհեստ մը սորվելու աշխատող, նորավարժ, նորուս, համբակ
çırak

աշնային

աշնանային, աշուն եղանակին վերաբերեալ

աշուղ

ժողովրդական բանաստեղծ՝ որ միեւնոյն ատեն կը նուագէ ու կ՚երգէ իր քերթուածները
âşık

աշուն

ամառուան յաջորդող եղանակը՝ որ կ՚սկսի Սեպտեմբերին ու կը տեւէ մինչեւ Դեկտեմբեր
sonbahar

աշտանակ

այն առարկան՝ որուն վրայ մոմ կամ ճրագ կը դրուի, մոմակալ, ճրագակալ
şamdan

աշտարակ

գլանաձեւ կամ բազմանկիւնաձեւ բարձր շէնք՝ որ շատ անգամ կը գործածուի իբրեւ դիտանոց
kule

աչագեղ

գեղեցիկ աչքեր ունեցող, գեղաչուի

աչազուրկ

աչքերը կորսնցուցած, կոյր

աչալուրջ

միշտ ուշադիր, շրջահայեաց, արթուն

աչառու

կողմ բռնող, կողմնակալ, կողմնապահ, երեսպաշտ

աչկապուկ

աչք-կապուկ, պահուըտուքի նման խաղ մը՝ զոր կը խաղան տղաք աչքերը կապելով
körebe

աչքաբաց

զգոյշ, արթնամիտ
açıkgöz

աչքաբաց

այն՝ որ կը ջանայ ուրիշները խաբել ինքզինքին շահ մը ապահովելու համար, աչքաբացութիւն ընող

աչքառու

աչքի զարնող, ուշագրաւ, խիստ կարեւոր