HAZIRLIK AŞAMASINDA

վէս

գոռոզ

վէսութիւն

հպարտութիւն, գոռոզութիւն

վէսօրէն

վէսի պէս, գոռոզաբար

վէտ

փոքր ալիք

վէտ-վէտ

ալիք-ալիք

վէտվէտում

վէտվիտում, ալիք-ալիք ծածանում

վէտվէտել

վէտվիտել, ալիք-ալիք ըլլալ

վէրք

մորթին վրայ կամ մարմնին մէջ գոյացած բորբոքում, խոց
yara

վէրք

կեղ

վթարել

աւրել, վնասել, խաթարել

վժլտուք

վժժալու ձայն, շառաչ (հոսող ջուրի)

վժվժալ

վժժալ, “վըժ-վըժ” ձայն հանել, աղմկել

վիզ

մարմնին այն մասը՝ որ գլուխը ուսերուն կը միացնէ, ճիտ, պարանոց
boyun

վիթ

այծեամի կամ յամոյրի նման կենդանի մը
antilop

վիթխարի

շատ մեծ, հսկայական
koca(man), dev(asa)

վիժած

վիժուկ, թերածին
düşük, erken doğmuş

վիժած

ձախողած

վիժակ

իբրեւ զարդ կախուած վարագոյր (բեմի)
fon

վիժակ

ջուրի հոսանք

վիժանուտ

ջուրի պէս վազող, վիժող