HAZIRLIK AŞAMASINDA

աչք-գոցել

մէկու մը ըրածը չտեսած կամ չգիտցած ձեւանալ

աչք-գոցել

ներողամտութիւն ցուցնել, ներել

ապա

ետքը, յետոյ, վերջը
sonra, bilahare

ապա

ուրեմն, հապա

ապագայ

այսօրուընէ ետք գալիք ժամանակը, ապառնի
gelecek

ապագայ

մարդու մը կեանքին յառաջիկային ունենալիք վիճակը, յետագայ

ապաթարց

այն նշանը՝ որ կը գործածուի զեղչուած ձայնաւորի մը տեղ, մակակէտ ( ՚ )
kesme imi

ապաժամ

ուշ, տարաժամ

ապականած

մաքրութիւնը կամ յստակութիւնը կորսնցուցած
kirli, kirlenmiş

ապականած

անբարոյ կամ չարագործ (մարդ)

ապակեգործ

ապակի շինող, ապակի նորոգող
camcı

ապակեդուռ

ապակիէ շինուած կամ ապակիով ծածկուած դուռ

ապակեդրոնացում

կեդրոնացումէ հանել, պետութեան մը զանազան մասերուն կամ տեղերուն որոշ ինքնավարութիւն տալ
ademimerkeziyet, yerinden yönetim

ապակետիպ

լուսանկարչական դրութեամբ տպագրուած, միեւնոյն ատեն եւ մէկ անգամէն քանի մը գոյներ տպելու դրութիւն
ofset

ապակի

քանի մը նիւթերու խառնուրդով տեսակ մը

աւազի

բաղադրութիւն՝ որ կարծր եւ բեկանուտ է ու միայն լոյս կը թափանցէ եւ կը գործածուի զանազան փեղկեր ծածկելու կամ

անօթներ

շինելու համար
cam

անօթներ

լուսանկարի մը նախնական կամ շուք վիճակը
film

ապահով

առանց վախի կամ կասկածի, վստահ
emin, güvenilir

ապահովաբար

առանց տարակոյսի, վստահաբար, անշուշտ
elbette, muhakkak, şüphesiz