ապահովագրութիւն
կեանքի կամ ապրանքի որեւէ արկած կամ վնաս պատահած պարագային դրամական հատուցում ստանալու համաձայնութիւն
sigorta
ապահովել
վստահեցնել, երաշխաւորել
temin etmek, güvence vermek
ապահովել
բան մը ճարել կամ ձեռք ձգել
temin etmek, sağlamak
ապաշխարել
ապաշաւել, զղջման չարչարանք կրել, զղջալ
nedamet getirmek, çile çekmek
ապառաժ
ժայռ, քարաժայռ
kaya
ապառիկ
փոխարժէքը յետոյ վճարելի, ոչ-կանխիկ
veresiye
ապառնի
գալիք, ապագայ
ապառնի
աշխարհաբար բայերու խոնարհումին մէջ կը զանազանուի “պիտի” մասնիկով
gelecek zaman
ապաստան
ապաստարան, այն տեղը՝ ուր կարելի է պատսպարուիլ, ապաւէն
sığınacak yer
ապաստանիլ
պատսպարուիլ, ապաւինիլ, վստահիլ
sığınmak
ապարանջան
այն զարդեղէնը՝ զոր կիները սովորաբար կը կրեն իրենց բազուկներուն վրայ, բազկազարդ, բազկամանեակ
bilezik
ապարանք
շքեղ տուն, դղեակ, պալատ
saray
ապարդիւն
արդիւնք չունեցող, անօգուտ, անհետեւանք
neticesiz, sonuçsuz
ապացոյց
հաստատող, փաստ
ispat
ապացուցանել
հաստատել, փաստել
ispat etmek
ապաւէն
պատսպարուելու տեղ, ապաստան
sığınak, sığınacak yer
ապաւէն
կռթնելիք ոյժ
dayanak, hami
ապաքէն
արդարեւ, ի հարկէ, ուրեմն
öyle ki
ապաքինիլ
հիւանդութենէ ետք աղէկնալ, բուժուիլ, առողջանալ
iyileşmek, düzelmek
ապերախտ
ապաշնորհ, այն՝ որ իրեն եղած բարիքը չի ճանչնար կամ կը մոռնայ
nankör