HAZIRLIK AŞAMASINDA

տեղապահ

բարձրաստիճան հոգեւորականի մը փոխանորդող կրօնաւոր

տեղատարափ

երկինքէն յորդ տեղացող (անձրեւ, կարկուտ)

տեղատարափ

տարափ
sağanak

տեղատուութիւն

մակընթացութեան հակառակ շարժում՝ որու միջոցին ծովու ջուրերը կը քաշուին
cezir

տեղացի

որոշ տեղի մը բնակիչ, բնիկ
yerli

տեղաւորել

բան մը իր տեղը դնել, զետեղել
yerleştirmek

տեղափոխել

տեղը փոխել, փոխադրել
yer değiştirmek, taşımak

տեղեակ

գիտակ, իրազեկ, հմուտ, վերահասու

տեղեկագիր

որեւէ գործի կամ աշխատանքի մասին գրաւոր տեղեկութիւն
rapor

տեղեկանալ

տեղեակ դառնալ, իմանալ
öğrenmek, bilgilenmek

տեղեկութիւն

բանի մը մասին տրուած ծանօթութիւն, լուր
malumat, bilgi

տեղի անտեղի

յարմար եւ անյարմար կերպով
yerli yersiz

տեղի ունենալ

կատարուիլ, ըլլալ
yapılmak

տեղի տալ

պատճառ դառնալ
yol açmak

տեղի տալ

հաւանիլ

տենդ

հիւանդութեան ջերմ, տաքութիւն եւ դող
humma, sıtma

տենդագին

տենդի բռնուածի պէս, բորբոքած
hummalı, ateşli, hararetli

տենդոտ

տենդ ունեցող

տենդոտ

բուռն, սաստիկ

տենչալ

սաստիկ փափաքիլ, ցանկալ, ըղձալ
arzulamak