HAZIRLIK AŞAMASINDA

ապերասան

սանձ չունեցող, սանձազերծ, անզուսպ

ապերջանիկ

մէկը՝ որ կեանքէն գոհ չէ, ոչ-երջանիկ, դժբախտ
mutsuz

ապիկարութիւն

անկարողութիւն, անձեռնհասութիւն

ապխտել

արեւու տակ չորցնել (միս, ձուկ եւն.)

ապշահար

սաստիկ ապշած կամ շուարած,
şaşkın

ապշիլ

շատ զարմանալ, շուարիլ, ուշքը կորսնցնել
aptallaşmak

ապուխտ

արեւու տակ չորցուած համեմուած միս
pastırma

ապուշ

անմիտ, անխելք, տխմար
aptal, budala

ապսպրել

պատուիրել, յանձնարարել
ısmarlamak

ապստամբ

մէկը՝ որ օրէնքին չ'ենթարկուիր, ըմբոստ, ստամբակ
asi, isyankâr, isyancı

ապտակ

ձեռքի ափով մէկուն երեսին տրուած հարուած
tokat

ապրանք

առուտուրի առարկայ կամ գոյք
mal

ապրելակերպ

ապրելու կամ կեանք վարելու կերպ կամ ձեւ
yaşam tarzı

ապրիլ

կեանք ունենալ, կեանքը տեւել
yaşamak

ապրիլ

բնակիլ

ապրիլ

կեանքը վայելել

ապրիլ

տարուան Դ ամիսը՝ որ 30 օր կը տեւէ
Nisan

ապրշում

մետաքս թել
ibrişim

ապրուստ

ապրելու նիւթական միջոց
geçim

ապօրինի

ինչ որ օրէնքին համաձայն չէ, օրէնքին հակառակ, անարդար
yasadışı, yasal olmayan