HAZIRLIK AŞAMASINDA

տղմոտ

տղմուտ, տիղմ պարունակող, ցեխոտ
çamurlu

տմարդի

անմարդկային

տմարդի

անգութ

տմարդի

կոպիտ

տմոյն

տժգոյն, գունատ

տմոյն

աղօտ

տնակ

տնիկ, փոքր եւ անշուք տուն, հիւղ

տնական

տնային, տան վերաբերեալ

տնանկ

բոլորովին աղքատ, չքաւոր, թշուառ

տնաշէն

տունը շէն պահող

տնաւեր

տնաքանդ, տուն քանդող

տնեցի

տան մէջ ապրող, ընտանիքի անդամ

տնկարան

տունկեր հասցնելու տեղ
fidanlık, dikmelik

տնկել

բոյսի մը արմատը կամ սերմեր հողին մէջ թաղել՝ որպէսզի բուսնին
dikmek

տնկել

կանգնեցնել, ցցել

ականջները տնկել

ուշադիր մտիկ ընել

աչք տնկել

նախանձիլ, ցանկալ

աչքերը տնկել

սեւեռել

տնտես

ստորադաս պաշտօնեայ՝ որ կ՚սպասաւորէ վարժարանի մը մէջ
hademe

տնտես

մատակարար