HAZIRLIK AŞAMASINDA

ապօրինի

անհարազատ (զաւակ)
gayri meşru

աջ

մարդոց համար այն կողմը՝ որ սրտին հակառակ տեղը կը գտնուի

աջ

հոգեւորականներուն աջ ձեռքը՝ զոր կը համբուրեն օրհնութիւն ստանալու համար

աջ

իբրեւ արմատ բառ կը նշանակէ “նպաստաւոր, լաւ եւ ուժեղ”

աջակից

միասին աշխատող, օգնական, օժանդակող
yardımcı

աջակողմեան

աջ կողմը գտնուող.

աջակողմեան

կառավարութիւններու մէջ նորութիւններու կամ յառաջդիմութիւններու հակառակ արտայայտուող կուսակցութիւն, պահպանողական
sağcı

աջակցիլ

աշխատութեան մը մէջ մէկուն օգնել, օժանդակել
yardım etmek

աջակցութիւն

օգնութիւն, նպաստ, օժանդակութիւն
yardım, destek

առագաստ

նաւերուն կայմին վրայ ամրացուած կտաւ՝ որ հովուն ազդեցութեամբ կը տանի նաւակը
yelken

առագաստ

երկու տեղ իրարմէ բաժնելու համար գործածուած վարագոյր

առագաստ

հարսին ու փեսային ննջասենեակը, հարսնարան
gelin odası

առագաստանաւ

նաւ՝ որ առագաստին շնորհիւ հովու ոյժով կ՚ընթանայ
yelkenli

առաթուր

ոտքի տակ կամ ոտնատակ տալով, կոխկրտելով

առած

կարճ եւ իմաստալից խօսք՝ որ բերնէ բերան կ՚աւանդուի իբրեւ ժողովրդական փորձառութիւն եւ իմաստութիւն
atasözü

առակ

արձակ կամ ոտանաւոր կարճ պատմուածք՝ որուն մէջ այլաբանական ձեւով կը խօսին մարդիկ՝ անասուններ կամ առարկաներ՝ ներքին բարոյական իմաստ մը արտայայտելու համար
öykü, fabl

առաձգական

առաձիկ, ուզուած ձեւով ընդլայնող, ճկուն
esnek

առայժմ

հիմակուհիմայ, ներկայիս
şimdilik

առանձին

մինակ, զատ, անջատ
tek başına

առանձնայատուկ

միայն իրեն յատուկ, բնորոշիչ
kendine has/özgü