HAZIRLIK AŞAMASINDA

րաբունապետ

ռաբունապետ, վարդապետներու պետը (հրէից)

րաբունի

ռաբբունի, վարդապետ իմ, տէր իմ

րոպէ

երկվայրկեան

րոպէ

ակնթարթ
an

րոպէական

շատ կարճ ժամանակ տեւող

րոք

թել մանելիք, աղեկատ
öreke, iğ

Ց

վեց հազար (ՑԱ = 6001, ՑԺԸ = 6018, ՑՈԿԶ = 6666)

ցաթիլ

ծաթիլ

ցաթիլ

ծագիլ

ցախ

մանր եւ խիտ ճիւղերով թուփ մը
çalı

ցախ

խռիւ

ցախսարիկ

երգեցիկ փոքր թռչուն մը
çalıkuşu

ցած

ոչ-բարձր, գետնէն քիչ բարձրացած
alçak

ցած

հազիւ լսելի, մեղմ (ձայն)

ցած

ստորին, վար, նուաստ

ցածնալ

բարձրութիւնը նուազիլ, ցած դառնալ
alçalmak

ցածնալ

ստորնանալ, նուաստանալ, զիջանիլ

ցածութիւն

ցած վիճակ
alçaklık

ցածութիւն

նուաստութիւն

ցածուն

ցածուկ, խոնարհ, համեստ, պարզ