HAZIRLIK AŞAMASINDA

ցնորամիտ

ցնորական

ցնորիլ

խելքը կորսնցնել, խելագարիլ, ցնդիլ
çıldırmak, bunamak

ցնորիլ

ցնորքներու մէջ իյնալ

ցնորք

երեւակայածին պատկեր՝ որ կը կազմուի երբ ուղեղը գործէ ուժասպառ վիճակի մէջ, տեսիլք

ցնցել

ոյժով շարժել, սարսել
sarsmak

ցնցել

յուզել

ցնցղատապ

շնչափողի բորբոքում
bronşit

ցնցոտի

գզգզուած հագուստ, գրգլեակ

ցնցուղ

ձագարաձեւ ու ծակոտկէն բերանով խողովակաւոր դոյլ՝ որով ջուր կը սրսկեն (ջրցօղի նման)

ցնցուղ

շնչափողի խողովակ

ցնցում

ցնցուելու վիճակ, սարսում
sarsıntı

ցնցում

յուզում

ցոլանալ

ցոլալ, ողորկ մակերեւոյթի մը զարնուելով ետ դառնալ (լոյսի), շողալ
yansımak

ցոլանալ

փայլիլ

ցոլարձակ

ցոլք արձակող, փայլ արձակող

ցոլացիկ

ցոլացնող, փայլուն

ցոլացիկ

ցոլացող

ցոլացնել

եկած լոյսը ետ դարձնել, շողացնել

ցոլք

ցոլացում, շողիւն, փայլ
yansıma, parıltı

ցոլք

ճառագայթ