HAZIRLIK AŞAMASINDA

ցոյց

արտաքին երեւոյթ, ձեւացում, տեսք

ցոյց

ցուցադրութիւն

ցոյց

հաւաքաբար ու հրապարակաւ արտայայտուած ցանկութիւն
gösteri

ցորեկ

ցերեկ

ցորեկ

կէսօր, միջօրէ, օրհասարակ
öğle

ցորեն

հասկաւոր բոյս մը՝ որուն հատիկներուն ալիւրէն հաց կը պատրաստեն
buğday

ցորչափ

ցորքան, որքան ատեն որ

ցուլ

խոշոր՝ եղջիւրաւոր ընտանի կենդանի՝ որուն ամորձատը կը կոչուի “եզ”, կովու արուն
boğa

ցուպ

ձեռքի գաւազան, մահակ
değnek, asa

ցուրտ

ջերմութենէ զուրկ, ոչ-տաք, պաղ
soğuk

ցուցաբերել

ցոյց տալ, արտայայտել
göstermek

ցուցադրել

մէջտեղ դնել՝ որպէսզի ամէն մարդ տեսնէ, ցուցնել
teşhir etmek, sergilemek

ցուցա

բան մը ցոյց տալու համար պատրաստուած ցանկ
liste, çizelge

ցուցական

ցոյց տուող

ցուցական

“սա, այս, այդ, այն” բառերը (իբրեւ ածական կամ դերանուն)
gösterme sıfatı/zamiri

ցուցահանդէս

որեւէ ձեռարուեստի կամ գեղարուեստի վերաբերեալ գործերու ցուցադրութիւն
sergi

ցուցամոլ

սնապարծ, անձնապարծ, սնափառ
gösterişçi

ցուցանք

չափազանց տգեղ կամ այլանդակ

ցուցափեղկ

ապակեայ փեղկ՝ որու ետին կը ցուցադրուին վաճառատան մը ապրանքները
vitrin

ցուցնել

ցոյց տալ, տեսնել տալ
göstermek