HAZIRLIK AŞAMASINDA

փէշ

կնոջական հագուստի՝ մէջքէն վար կամ սրունքները ծածկող մասը, քղանցք
etek

փթթիլ

ծաղիկ ու տերեւ արձակել, ծաղկիլ, բացուիլ, զարդարուիլ
(çiçek) açmak, gelişmek

փթիթ

փթթում, ծաղկում, բողբոջում

փիլիսոփայ

իմաստասէր
filozof

փիլիսոփայութիւն

այն գիտութիւնը՝ որ կ՚ուսումնասիրէ գոյութեան՝ կեանքի եւ գիտելիքներու հիմնական սկզբունքները, իմաստասիրութիւն
felsefe

փիլոն

եկեղեցականի անթեւ զգեստ, շուրջառ

փիղ

ցամաքային կենդանիներու ամենամեծը՝ որ ունի պատիճ եւ երկու երկայն ժանիք
fil

փիսիկ

սիրուն կատու

փիսիկ

կատուի ձագ

փիւնիկ

յոյն դիցաբանութեան մէջ առասպելական թռչուն մը՝ որ կրնար ինքզինք այրել ու նորէն վերակենդանանալ

փլատակ

փլած շէնք, աւերակ
yıkıntı, enkaz

փլուզում

կործանում, աւերում, քանդում

փլչիլ

փլիլ, կործանիլ
yıkılmak, çökmek

փլչիլ

տապալիլ

փլցնել

կործանել, քանդել
yıkmak

փլցնել

տապալել

փխրել

մանրել, փշրել

փխրել

աղանձել, խարկել

փխրուն

փուխր, դիւրին փշրուող
yumuşak, gevrek

փղձկիլ

յուզումը չկարենալ զսպել ու լալ
boşanmak