առարկայ
ինչ որ մեր միտքը կ՚զբաղեցնէ իբրեւ բովանդակութիւն կամ նիւթ
mevzu, konu
առարկայական
առարկայի վերաբերեալ կամ իրողութեան համապատասխան եւ ոչ թէ անձնական նախառեալ կարծիքի, իրական
objektif, somut
առարկել
հակառակ կարծիք յայտնել, ընդդիմախօսել
itiraz etmek
առարկութիւն
հակառակ կարծիքի արտայայտութիւն, դիտողութիւն
itiraz
առաւել
աւելի, աւելի շատ, սաստիկ
artı, daha da, fazlasıyla
առաւելագոյն
ամէնէն աւելի, բարձրագոյն
առաւօտ
առտու, օրուան այն ժամանակը երբ արեւը կը ծագի
sabah
առաքեալ
մէկու մը կողմէ ղրկուած
առաքեալ
Քրիստոսի տասներկու աշակերտները՝ որոնք ղրկուեցան Աւետարանը քարոզելու
havari
առաքինութիւն
լաւ վարք ու բարք ունենալ, պարկեշտութիւն, ազնուութիւն
fazilet, erdem
առաքում
գոյք կամ ծրար ղրկել, ուղարկում
gönderme, yollama, sevk, irsal
առեղծուած
անհասկնալի կամ բացատրութեան կարօտ դէպք կամ երեւոյթ, հանելուկ
bilmece, muamma
առերեւոյթ
երեւութական, խաբուսիկ
առեւանգել
կին կամ աղջիկ փախցնել, յափշտակել
kaçırmak
առեւտուր
առուտուր, ապրանք գնել եւ ծախել
ticaret, alışveriş
առէն
գործածուած է “մնաք բարով”ի իմաստով
առէջ
ոստայնանկութեան մէջ երկայնքի թելերուն շարքը
arış, çözgü
առէջ
ծաղիկներու արու գործարանին բարակ թելի պէս մասը
ipçik
առընթեր
մօտը կամ կողքին եղածը, կից
առթել
բանի մը առիթ կամ պատճառ ըլլալ, պատճառել