HAZIRLIK AŞAMASINDA

փողոտել

մորթելով արիւնը թափել

փողոց

երկու շարք տուներու միջեւ ճամբայ
sokak

նեղ փողոց

գռիհ

փողրակ

թրծուած կաւէ խողովակ
künk

փողփողիլ

փայլփլիլ, փալփլալ, պսպղալ

փողփողուն

շատ փայլուն, շողշողուն

փոյթ

հոգ, խնամք

փոյթ

ջանք, ճիգ

փոյթ

արտորանք, շտապ, աճապարանք

փոյթեռանդ

շատ եռանդոտ, ջերմեռանդ

փոշի

հողի շատ մանր փշուր

փոշի

որեւէ նիւթի շատ մանր փշուր
toz

փոշոտ

փոշեպատ, փոշիի մէջ թաթխուած կամ վրան փոշի իջած
tozlu

փոս

փորուած կամ ներս քաշուած տեղ, խոռոչ
çukur

փոսանալ

փոս դառնալ, փոս ձեւացնել
çukurlaşmak

փոսուռայ

կայծոռիկ, լուսաճճի
ateşböceği

փոր

մարմնի այն մասը՝ որ կը պարունակէ ստամոքսը՝ աղիքները՝ լեարդը եւայլն, որովայն
karın

փոր

փորել բային արմատը

փորագրել

փորելով գրել, քանդակել
hakketmek, kazımak

փորել

փոս բանալ, պեղել, բրել
kazmak