HAZIRLIK AŞAMASINDA

քաղաքակրթութիւն

հաւաքական կեանքի մէջ՝ նախնական ապրելակերպէ մը աւելի բարձր վիճակ՝ զգալու՝ մտածելու եւ գործելու (զոր կը վայելենք բնութեան դէմ մարդկային նուաճումներու՝ գեղարուեստի եւ գիտութիւններու յառաջդիմութեան շնորհիւ), մշակոյթ
medeniyet, uygarlık

քաղաքապետ

քաղաքի գործերու վարիչ
belediye başkanı

քաղաքավար

կրթուած, բարեկիրթ
terbiyeli

քաղաքացի

քաղաքի բնակիչ

քաղաքացի

իբրեւ հայրենակից՝ քաղաքական պարտականութիւններու եւ իրաւունքներու տէր անձ
yurttaş, vatandaş

քաղել

հատ-հատ փրցնել եւ հաւաքել
toplamak, derlemek

քաղիրթ

որոճացող անասուններու ստամոքսը
işkembe

Քաղոց

հայոց Ե ամիսը (Դեկտեմբեր)

քաղց

անօթութիւն, անսուաղութիւն
açlık

քաղցկեղ

կեղ պատճառող հիւանդութիւն մը
kanser

քաղցկեղ

փտախտ հիւանդութիւնը
kangren

քաղցու

նոր ճմլուած խաղողի հիւթ
şıra

քաղցր

ինչ որ հաճելի է մեր զգայարաններուն, անոյշ
tatlı

քաղցր

հաճելի

քաղցրաբարոյ

քաղցր բնաւորութեան տէր, հեզ

քաղցրաբոյր

քաղցր բուրմունք ունեցող, անուշահոտ, անուշաբոյր

քաղցրագին

շատ քաղցր, խիստ սիրալիր

քաղցրալուր

քաղցրահնչիւն, ինչ որ հաճելի է լսել, բարեհնչիւն, ներդաշնակ

քաղցրահամ

քաղցր համ ունեցող, անուշահամ

քաղցրաձայն

քաղցր կամ հաճելի ձայն ունեցող