HAZIRLIK AŞAMASINDA

քաջագործութիւն

քաջութեամբ կատարուած գործ, սխրագործութիւն
kahramanlık, yiğitlik

քաջալաւ

շատ լաւ, ամենալաւ, ընտիր

քաջալերական

քաջալերիչ, սրտապնդիչ, խրախուսիչ, քաջալերող

քաջալերել

սրտապնդել, խրախուսել
teşvik etmek, cesaret/şevk vermek

քաջալերութիւն

խրախոյս

քաջալերութիւն

համարձակութիւն, ապահովութիւն

քաջալերուիլ

քաջալերութիւն գտնել, խրախուսիլ, սրտապնդուիլ

քաջածանօթ

լաւ տեղեակ, հմուտ
(iyice) vâkıf

քաջածանօթ

հանրածանօթ, յայտնի

քաջահմուտ

քաջատեղեակ, շատ հմուտ

քաջառողջ

բոլորովին առողջ, առոյգ, կայտառ

քաջասիրտ

քաջարի, արիասիրտ, անվեհեր

քաջութիւն

արիութիւն, անվեհերութիւն
cesaret, yiğitlik

քառակուսի

երկրաչափական ձեւ՝ որ ունի չորս հաւասար կողմ եւ չորս ուղիղ անկիւն
kare

քառակուսի

այն թիւը՝ զոր կ՚ստանանք թիւ մը ինք իրմով բազմապատկելով

քառապատիկ

չորս անգամը, չորեքպատիկ
dört kat/misli

քառասմբակ

քառատրոփ, ձիու մը ամէնէն արագ վազքը
dörtnal(a)

քառասուն

չորս անգամ տասը
kırk

քառեակ

չորս տողէ բաղկացած բանաստեղծութիւն
rubai

քառորդ

չորս հաւասար մասերէն մէկը, մէկ չորրորդ
çeyrek