HAZIRLIK AŞAMASINDA

քրտնաթոր

քրտինք ծորող

քրտնաթոր

քրտնաջան

քրտնաջան

քրտնելու չափ աշխատող, ջանասէր, յոգնաջան, տքնաջան

քրտնաջան

շատ յոգնեցնող

քրտնիլ

մարմնէն քրտինք արտաթորիլ
terlemek

քրքիջ

բարձրաձայն ծիծաղ (ծաղրական), քահքահ, խնդուք
kahkaha

քրքում

համեմային բոյս մը (անուշահոտ դեղին ծաղիկներով)
safran

քրքջալ

քրքիջ արձակել, քահ-քահ խնդալ
kahkaha atmak, kah kah gülmek

քրքրել

խառնելով՝ բանի մը մասերը իրարմէ զատել
deşmek, (d)eşelemek, didiklemek, ditmek, dağıtmak

քրքրել

քայքայել

քրքրել

պրպտել

քցիմ

եղունգի քով բուսած աւելորդ սուր եղունգ՝ որ ցաւ կը պատճառէ
şeytantırnağı

քօղ

քող, լաչակ

քօղ

ծածկոյթ

քօղազերծ

քօղը վերցուած, առանց քօղի

քօղածածկել

քօղով ծածկել, քօղարկել

քօղարկել

վրան քօղ ձգել, քօղածածկել
örtmek

քօղարկել

սքօղել, պահել, ծածկել

քօղք

հարսի երեսը ծածկող քօղ
duvak

օգնական

օգնող, ձեռնտու, օժանդակ
yardımcı