HAZIRLIK AŞAMASINDA

օդայած

օդի մէջ յածող, օդաճեմ, օդապար

օդանաւ

օդագնաց ղեկաւոր նաւ, սաւառնակ
uçak

օդանաւորդ

օդանաւը վարող անձ, օդաչու
pilot

օդաչու

օդանաւորդ, սաւառնորդ

օդաչու

օդագնաց

օդապար

օդասլաց, օդայած, թռչող

օդապարիկ

թեթեւ նիւթէ մը շինուած անթափանց պարկ՝ որ լեցուած է ջրածինով եւ կը թռչի օդի հոսանքին համաձայն

օդապարիկ

մանկական խաղալիք մը (փոքր օդապարիկի նման)
balon

օդաւէտ

օդասուն, առատ մաքուր օդով
havadar

օդափոխութիւն

օդը փոխել, օդը փոխելու համար՝ ուրիշ տեղ երթալ եւ միջոց մը հոն բնակիլ
tebdilhava, hava değişimi

օդափոխութիւն

գիւղագնացութիւն, ամարանոց

օդաքար

երկինքէն ինկած քար, երկնաքար
göktaşı

օդերեւութաբանութիւն

այն գիտութիւնը՝ որ կ՚ուսումնասիրէ օդի կամ մթնոլորտի երեւոյթները (ինչպէս՝ հով, անձրեւ, ձիւն, մրրիկ եւն.)
meteoroloji

օթեակ

թատրոնի խցիկ
loca

օթեկ

օթեկան, նախորդ օրուընէ մնացած, ոչ-թարմ
bayat

օթեւան

գիշերելու տեղ, իջեւան, պանդոկ

օթոց

հաստ ծածկոյթ՝ որ կը ծառայէ իբրեւ վերմակ
battaniye

օթոց

կապերտ, ծածկոյթ

օժանդակ

կողմնակի օգնութիւն կատարող
yardımcı, destek(çi)

օժանդակ

օգնական