HAZIRLIK AŞAMASINDA

օղի

ոգելից՝ բարկ ըմպելի մը
rakı

օճախ

պատի մէջ շինուած վառարան

օճախ

տուն

օճան

օգնութիւն

օճան

պաշտպանութիւն

օճառ

ճարպային նիւթերէ շինուած բաղադրութիւն մը՝ որ կը գործածուի մաքրութեան համար, աճառ
sabun

օշարակ

քաղցր ըմպելի մը՝ զոր կը պատրաստեն պտուղներու հիւթերէն
şerbet

օտար

ոչ-բնիկ, ոչ-հարազատ, տարբեր

օտար

անծանօթ, անսովոր
yabancı

օտարական

օտար երկրէ եկած, պանդուխտ, օտար, նժդեհ
ecnebi, yabancı, garip

օտարամուտ

իբրեւ օտար մտած, ոչ-տոհմիկ

օտարանալ

օտար դառնալ, ուծանալ
yabancılaşmak

օտարոտի

տարօրինակ, անսովոր
garip, tuhaf

օտարոտի

օտար

օտարութիւն

օտարի վիճակ, պանդխտութիւն
yabancılık

օտարութիւն

անսովորութիւն

օտարութիւն

օտար երկիր
gurbet

օր

քսանչորս ժամ

օր

ցերեկ

օր

առաւօտ
gün