HAZIRLIK AŞAMASINDA

առօրեայ

մէկ օրուան, ամենօրեայ, սովորական
günlük

առօրին

օրը օրին, նոյն օրն իսկ
günü gününe

ասացուած

կարճ եւ իմաստալից խօսք, առած
darbımesel

ասդին-անդին

այս կամ այն կողմը

ասեղ

պողպատեայ փոքրիկ ձողիկ՝ որուն մէկ ծայրը սուր եւ միւսը ծակ է ու մէջէն կ՚անցնի դերձանը՝ կարելու համար
iğne

ասեղնագործ

ասեղով բանուած, ասեղնագործուած
işlemeli

ասիական

Ասիա հողամասին յատուկ, Ասիոյ վերաբերեալ

ասղանի

ասեղի ծակէն անցուած թել

ասղանի

ասեղով բանուած

ասմազուն

երկինքի գոյն, կապոյտ

ասորերէն

ասորիներու լեզուն

ասուի

ասրէ՝ այսինքն բուրդէ պատրաստուած կերպասեղէն մը
çuha

ասուլիս

խօսակցութիւն
sohbet, söyleşi

ասուպ

երկնային քարեր՝ որոնք երբեմն երկրի մթնոլորտի սահմանը կը մտնեն եւ իրենց սաստիկ արագութեան պատճառով կը կարմրին եւ լոյս կ՚արձակեն, օդաքար, թռչող աստղ
akanyıldız

ասպազէն

ձիաւորի զէնք ու զարդ

ասպանդակ

ձիու թամբին երկու կողմէն կախուած ոտնատեղ
üzengi

ասպատակել

ձիաւորի խումբով յարձակիլ (թալանելու նպատակով)

ասպարէզ

բաց տեղ, հրապարակ
meydan

ասպետ

ազնուական ծագումով զինուորական, բարձրաստիճան ձիաւոր
şövalye

ասպնջական

եկուորին տեղ տուող, հիւրասէր, հիւրընկալ
konuksever