աստուածաբանութիւն
Աստուծոյ եւ կրօնքի մասին խօսք կամ գիտութիւն
ilahiyat, teoloji
Աստուածածին
Աստուածամայր, Քրիստոսի մայրը, Տիրամայր
Meryem Ana
Աստուածածին
Վերափոխման տօնը
Աստուածամերձ
Աստուծոյ մօտիկ գտնուող
Աստուածամերձ
դէպի Աստուած մօտեցնող, Աստուծոյ տանող
Աստուածաշունչ
Աստուծմէ ներշնչուած կամ ազդուած
Աստուածաշունչ
Հին եւ Նոր Կտակարանները, Սուրբ Գիրք
Kitabı Mukaddes, Kutsal Kitap
ատաղձ
շինութիւններ կամ իրեր պատրաստելու փայտեղէն նիւթ
kereste
ատաղձ
որեւէ նիւթ՝ որ կը ծառայէ բան մը շինելու կամ ստեղծագործելու համար
ատաղձագործ
արհեստաւոր՝ որ ատաղձի վրայ կ՚աշխատի, հիւսն, կահագործ
marangoz
ատամ
ատամն, ակռայ
diş
ատամնաբոյժ
ակռայի բժիշկ
diş tabibi/hekimi
ատամնակրկիտ
փոքրիկ փայտիկ՝ որով կը մաքրեն ակռաները
kürdan
ատեան
այն տեղը՝ ուր կը ժողվուին պաշտօնատար անձեր՝ միասին գործ մը քննելու կամ վճռելու համար
divan
ատել
մէկուն հանդէպ զզուանք ու արհամարհանք զգալ, չսիրել
nefret etmek
ատեն
ժամանակ, միջոց
vakit
ատենագրութիւն
ատեանի մէջ խօսուածներուն արձանագրութիւնը
tutanak
ատենադպիր
այն անձը՝ որ ատեանի մէջ խօսուածները գրի կ՚առնէ
sekreter
ատենախօս
ատենաբան, ատեանի մէջ ճառող կամ հրապարակային տեղեր ներկաներուն խօսող
hatip
ատենակալ
ատեանի մը անդամներէն ամէն մէկը