HAZIRLIK AŞAMASINDA

ակնածանք

մեծ յարգանք, ակնածութիւն
saygı

ակնակապիճ

աչքի փոսը
gözyuvası

ակնահաճոյ

աչքին համար հաճելի

ակնահարիլ

ակնհարիլ, ականահարիլ, աչքի գալ

ակնապարար

աչքին հաճելի, աչք լեցնող, հեշտաւէտ

ակնապիշ

աչքերը սեւեռած, աչքերը տնկած

ակնառու

կողմ բռնող, աչառու
tarafgir

ակնարկ

թեթեւակի նայուածք
bakış, göz atma/gezdirme

ակնարկ

գրուածքի տեսակ մը
fıkra, köşe yazısı

ակնարկել

զգացնել, իմացնել
göz etmek, ima etmek

ակնարկել

տեսնել

ակնարկութիւն

դիտողութիւն, նայուածք

ակնբախ

աչքի զարնող

ակնդէտ

աչքերը կողմ մը դարձնելով սպասել, անհամբեր

ակներեւ

ակնյայտ, ակնյայտնի, յայտնի, բացայայտ

ակնթարթ

աչքը գոցել եւ բանալու տեւողութիւն, րոպէ
an

ակնկալել

յուսալ, սպասել

ակնկառոյց

աչքը տնկած, ակնապիշ, անքթիթ

ակնկոր

նայուածքը խոնարհեցուցած, ամօթահար

ակնհատութիւն

ականահատութիւն, գողութիւն (գերեզման քանդելով)