HAZIRLIK AŞAMASINDA

արիասիրտ

քաջասիրտ, անվախ, անվեհեր

արիացնել

քաջութիւն տալ, քաջալերել

արիւնաբորբ

արիւնի պէս կարմիր, արիւնավառ

արիւնաթաթաւ

արիւնաթաթախ, արիւնաթաւալ, արիւնի մէջ թաթխուած, արիւնլուայ

արիւնախանձ

արիւնարբու, արիւնի ցանկացող, արեան ծարաւի, արիւն թափելու մոլի

արիւնահեղ

արիւն թափող, մարդասպան

արիւնահեղ

ուր շատ արիւն կը թափուի, արիւնահոս

արիւնաքամ

արիւնը քամուած, բոլոր արիւնը դուրս հոսած

արիւնիլ

արիւն հոսիլ
kanamak

արիւնլուայ

արիւնի մէջ լուացուած, արիւնաթաթախ

արիւնոտիլ

արիւնի քսուելով աղտոտիլ, արիւնի քսուիլ
kana bulanmak, kanlanmak

արծաթեայ

արծաթէ շինուած

արծաթփորիկ

կը նշանակէ “փորը արծաթագոյն”

արծարծել

մարած կրակ մը վառել, հրահրել, բոցավառել
uyandırmak, körüklemek

արծարծիլ

բռնկիլ, բոցավառիլ

արծիւ

մեծ եւ ուժեղ թռչուն մը՝ որ թռչուններուն թագաւորը կը նկատուի
kartal

արծուիկ

արծիւի ձագ

արկած

անակնկալ դէպք կամ փորձանք
kaza

արկածախնդիր

արկածներ փնտռող կամ սիրող, բախտախնդիր
maceracı

արկածեալ

արկածի կամ անակնկալ դժբախտութեան ենթարկուած
kazazede