HAZIRLIK AŞAMASINDA

արմաւենի

արմաւի ծառ
hurma ağacı

արմկայեց

արմուկով կռթնած

արմուկ

թեւին դուրս ցցուած մասը երբ ծալլուի
dirsek

արմտիք

մանր հատիկներով բերք (ինչպէս՝ ցորեն, գարի, բրինձ, ոսպ եւն.), ընդեղէն
hububat, tahıl

արշալոյս

այն պահը երբ առտուան լոյսը նոր կ՚սկսի բացուիլ
şafak, tan

արշաւ

արշաւանք, արագ վազելու գործողութիւն
yarış

արշաւախումբ

արշաւ կատարող խումբ, գիտական հետազօտութիւն ընելու կամ զբօսանքի համար ճամբորդող խումբ

արշաւասոյր

արշաւասլաց, շատ արագ վազող, սրընթաց արշաւել վազել.

արշաւասոյր

պատերազմով յարձակիլ երկրի մը վրայ
hücum etmek, sefer/akın düzenlemek

արուարձան

քաղաքին մերձակայ կամ մօտիկ թաղերը
varoş

արուեստ

ինչ որ մարդու ձեռքով եւ ճարտարութեամբ է ստեղծուած
sanat

արուեստագէտ

այն՝ որ ինքզինքը նուիրած է գեղարուեստի (երաժշտութեան, նկարչութեան, քանդակագործութեան, թատրոնի եւն.)
sanatçı

արուեստական

արուեստակեալ, ոչ-բնական, շինծու, անբնական
yapmacık

արուեստական

արուեստի վերաբերեալ, մարդու ձեռքի ճարտարութեամբ շինուած
suni, yapay

արջ

գիշակեր գազան մը՝ որ կ՚ուտէ նաեւ պտուղներ եւ կը բնակի ցուրտ երկիրներ ու լեռները
ayı

արջառ

խոշոր եղջիւրաւոր անասուն (կով, եզ եւն.)
davar

արջենի

արջու մորթ, մուշտակ
ayı kürkü

արտ

մշակելի հող, ցանքադաշտ
tarla

արտ

նախադաս մասնիկ՝ որ “դուրս” կը նշանակէ

արտադրեալ

այն թիւը՝ որ բազմապատկութեան արդիւնքն է
çarpım