HAZIRLIK AŞAMASINDA

արտադրել

արդիւնք առաջ բերել, արդիւնաբերել, շինել
üretmek

արտադրութիւն

երկրի մը առաջ բերած արդիւնքը
istihsal, üretim

արտաթորիլ

դուրս հոսիլ, մարմնէն դուրս վազել

արտածել

ապրանք մը ուրիշ երկիր ծախել, արտահանել
ihraç etmek

արտակարգ

սովորականէն տարբեր, անսովոր, անսպասելի
olağanüstü, sıradışı

արտայայտիչ

լաւ արտայայտող, տպաւորիչ, ազդու արտայայտութիւն խօսքով կամ նշանով իր միտքը կամ զգացումները յայտնել
ifade

արտաշնչել

օդը թոքերէն դուրս հանել

արտառոց

տարօրինակ, այլանդակ, անճոռնի

արտասահման

երկրէ մը դուրս, ուրիշ երկիր, օտար երկիր
yurtdışı

արտասանել

ոտանաւոր մը գեղեցիկ

առոգանութեամբ

ըսել, արտասանութիւն ընել
okumak, söylemek, telaffuz etmek

արտասանելի

այն ոտանաւորը՝ որ պիտի ըսուի

արտասովոր

սովորականէն դուրս, արտակարգ, անսովոր
olağandışı, olağanüstü

արտասուաբեր

արտասուք կամ արցունք բերող
göz yaşartıcı

արտասուահեղձ

արցունքով խեղդուած

արտասուայեղց

արտասուալից, արցունքով լեցուն

արտասուել

արտասուք թափել, լալ
ağlamak

արտասուք

արտօսր, արցունք, լաց
gözyaşı

արտատպել

նախապէս հրատարակուած գրուածք մը վերստին տպագրել, տպագրութիւնը կրկնել

արտաքին

դուրսը գտնուող, դուրսի
dış