HAZIRLIK AŞAMASINDA

արտաքնոց

բնական պէտքը ընելու տեղ, պէտքարան, ճեմիշ
ayakyolu

արտաքսել

դուրս ընել, վռնտել, վտարել
atmak, dışlamak, kovmak, sürmek

արտեւան

աչքի թարթիչի մէկ մազը
kirpik

արտեւան

լերան գագաթը, բարձր տեղ

արտեւանունք

աչքի թարթիչները
kirpikler

արտոյտ

երգեցիկ թռչուն մը
çayır kuşu

արտորալ

աճապարել, շտապել, փութալ
acele etmek

արտորնօք

աճապարանքով, արտորանքով, փութով, շտապով
aceleyle

արտօնագիր

արտօնութեան թուղթ
izin kâğıdı

արտօնատէր

այն՝ որ արտօնութիւն ունի, տէր
imtiyaz sahibi

արտօնութիւն

իրաւունք տալ, թոյլ տալ, առանձնաշնորհում
müsaade, izin

արցունք

լաց, արտասուք, արտօսր
gözyaşı

արփաշող

արեւու պէս փայլուն, լուսափայլ

արփափայլ

արփիափայլ, արեւու պէս փայլող

արփի

արեւ, արեգ, արեգակ
güneş

արքայ

թագաւոր
kral

արքայական

թագաւորին վերաբերեալ, թագաւորական

արքայութիւն

Քրիստոնէութեան համաձայն այն երանաւէտ տեղը՝ ուր մահէն ետք բարի հոգիները պիտի երթան, դրախտ, եդեմ
cennet

արքեպիսկոպոս

եկեղեցականներու ամենաբարձր աստիճանը, եպիսկոպոսներու պետը, արք կամ արքութիւն

արքունի

արքունական, արքայական, թագաւորին պատկանող