HAZIRLIK AŞAMASINDA

բազմավէպ

շատ վէպեր պարունակող կամ շատ բաներ պատմող

բազմաստուած

շատ մը աստուածներու հաւատացող

բազրիք

սանդուխի երկու կողմի ձեռնանեցուկները կամ յենարանները
korkuluk, tırabzan

բաժակ

ապակիէ կամ զանազան մետաղներէ շինուած գաւաթ՝ ջուր կամ գինի խմելու համար, ըմպանակ
kupa

բաժակ

ծաղիկին թերթերը դուրսէն շրջապատող կանանչ մասը, բաժակատերեւ
çanak (yaprağı)

բաժակաճառ

համառօտ ճառ՝ զոր կ՚արտասանեն մէկու մը կենաց խմած ատեն

բաժանական

բաժանելի, ինչ որ կարելի է մասերու բաժնել
(tam) bölünebilir, bölüne(bile)n

բաժան-բաժան

կտոր-կտոր, իրարմէ բաժնուած, զատ-զատ

բաժանորդ

այն անձը՝ որ կանխիկ վճարելով իրաւունք կ՚ունենայ ստանալու թերթի մը բոլոր թիւերը

բաժանորդ

այն անձը՝ որ կ՚օգտուի քաղաքապետութեան մատակարարած պիտոյքներէն (ջուր, ելեքտրականութիւն եւն.)
abone

բաժանում

միատեղ ըլլալէ դադրիլ կամ իրարմէ հեռանալ
bölünme, ayrılık

բաժանում

մասերու բաժնել
bölme, bölüm

բաժին

բաժնուած ամբողջի մը ամէն մէկ մասը
pay

բաժնեթուղթ

որեւէ առեւտրական ձեռնարկի մասնակից ըլլալու թուղթ, տոկոսաբեր թուղթ
tahvil, aksiyon, hisse senedi

բաժնել

մասերու վերածել, անջատել, զատել
bölmek, ayırmak, üleştirmek

բաժնետէր

առեւտրական ձեռնարկի մէջ բաժին ունեցող
hissedar

բալ

բալենիի պտուղը
vişne

բալ

հիւանդութեան ժամանակ լեզուին վրայ գոյացած ճերմակ նիւթը
dil pası

բախիլ

իրարու զարնուիլ, ընդհարիլ
çarpışmak, bindirmek

բախում

երկու մարմիններու իրարու զարնուելու վիճակը, ընդհարում
çarpışma, darbe, vuruş