HAZIRLIK AŞAMASINDA

բանալ

ընել այնպէս որ այլեւս գոց չըլլայ, պարզել
açmak

բանալի

փականք մը բանալու գործիք
anahtar

բանախօսել

նիւթի մը մասին ժողովի մէջ խօսիլ, բանախօսութիւն ընել, ատենախօսել

բանակ

զինուորներու մեծ խումբ, զօրագունդ
ordu

բանական

առողջ դատողութեան վրայ հիմնուած, խելքի մօտիկ
mantıklı

բանական

այն՝ որ ընդունակ է դատելու եւ միտքը խօսքով արտայայտելու
akıllı

բանականութիւն

դատելու եւ միտքը խօսքով արտայայտելու կարողութիւն
akıl

բանակատեղի

զօրքերու կայանը
ordugâh

բանակել

բանակով դիրք գրաւել (հանգստանալու կամ կռուելու համար)
ordugâh kurmak, konuşlanmak

բանակռիւ

բանավէճ, խօսքով կամ գրով կռիւ, վիճաբանութիւն
münakaşa, tartışma

բանակցութիւն

որոշ հարց մը լուծելու համար փոխադարձ խօսակցութիւն, պայմանախօսութիւն
görüşme

բանահիւսութիւն

պատկերաւոր կերպով պատմելու արուեստ

բանաձեւ

խօսքի ձեւ կամ որոշումի մը ձեւակերպուած եզրակացութիւնը
taslak, tasarı

բանասէր

լեզու ուսումնասիրող, լեզուաբան
filolog

բանաստեղծ

խօսքը գեղեցիկ ու պատկերաւոր կերպով ստեղծագործող, քերթող
şair

բանաստեղծութիւն

միտքը գեղարուեստով եւ պատկերաւոր արտայայտելու արուեստ
şiir

բանաւոր

բերանացի
sözlü

բանաւոր

խելքի մօտիկ
mantıklı

բանբեր

լուր բերող, լրաբեր, պատգամաւոր
haberci, sözcü

բանբիռն

բանդիռն, հին երաժշտական գործիք մը (երեք լարով)